2013-11-13 11:53:38

''Կը հաւատամ մեղքերու թողութեան` Մկրտութեան խորհրուդը''։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած, տասնեակ հազարաւոր, իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Շարունակելով ''Հաւատամքի'' մասին կատարած իր խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ ''հաւատոյ հանգանակի'' հետեւեալ հատուածին վրայ` ''Հաւատամք ի մի մկրտութիւն, յապաշխարութիւն` ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց''։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Սրբազան Պապը - Մկրտութեան խորհուրդը` հաւատքի եւ քրիստոնէական կեանքի դուռն է։ Մեղքերու քաւութեան մեր հաւատքը կապուած է Մկրտութեան խորհուրդին` որովհետեւ ''ապաշխարութեան խորհուդը'' երկրորդ մկրտութիւն մըն է։ Մկրտութիւնը նաեւ հոգեւոր մխրճում մըն է Քրիստոսի մահուան մէջ` ''Իսկական Լոյսը'', որուն հետ յարութիւն կ՛առնենք որպէս նոր արարածներ։ Վերածնունդի եւ լուսաւորութեան լոգանք մըն է։
Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը կը քաւէ սկզբնական մեղքն ու բոլոր մեղքերը։ Սակայն պէտք ենք միշտ պայքարիլ չար ազդակներու եւ սատանայի գործունէութիւններու դէմ - յանձնարարեց Քահանայապետը ու ապա փզրափակեց ըսելով` ''Մեր Մայրը Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ հեզութեամբ խնդրել` մեր մեղքերուն քաւութիւնը, որովհետեւ միայն, ընկալուած եւ պարգեւուած ներումի մէջ է` որ մեր սրտերը կը գտնեն խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Ս. Պետրոսի հրապարակը գտնուող ուխտաւորները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, նորապսակեալներուն եւ հիւանդներուն ու մասնաւորապէս ողջունելով ''յազուադէպ հիւանդութենէ տառապող'' հոն ներկայ գնուող հիւանդները։









All the contents on this site are copyrighted ©.